2012-12-20 13:38:11

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը
Ունկնդրութիւն` ''Իտալիոյ Կաթողիկէ Բանուորական Շարժումի'' Անդամներուն


Հինգշաբթի 20 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ յաջորդաբար ընդունեց Կարդինալ Անճէլօ Ամաթոն` Սրբադասումներու Դատի Ժողովի կառավարիչը ու Գերապայծառ Վինչէնցօ Բալիա` Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ։
Ժամը 12,15-ին Գոնչսիթորօ Սրահին Մէջ Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց ''Իտալիոյ Կաթողիկէ Բանուորական շարժումի 52 երիտասարդներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը։

Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով ''Բանուորական երիտասարդներուն'' այս տարուայ ուղեւորութեան առթիւ ընտրած նիւթին որ է ''հեղինակի մը փնտռտուքը'' հարց տուաւ ''Ո՞վ է այս հեղինակը։

Դուք կը փնտռէք կեանքի հեղինակը, ու մենք գիտենք թէ ով է Ան - ըսաւ Սրբազան հայրը, ու աւելցուց` Աստուած է, որ մեզի յայտնեց իր դէմքը։ Ան մեզ ստեղծեց իր պատկերին համաձայն, յատկապէս Ան մեզի պարգեւեց իր Որդին` Յիսուսը, որ աշխարհ եկաւ մեզի փոխանցելու Աստուծոյ Սէրը. Սէրը որ կեանքը ուրախ ու գեղեցիկ կը դարձնէ։ Դուք կը փնտռէք նաեւ ձեր ուրախութեան հեղինակը...Սիրոյ հեղինակը։ Յիսուս մեզի ցոյց տուաւ թէ Աստուած բոլորը կը սիրէ անխտիր, ու կ՛ուզէ որ բոլորը ապրին երջանիկ։
Դուք կը փնտռէք նաեւ խաղաղութեան հեղինակը որուն կարիքը ունի աշխարհը։ Յաճախ մարդիկ կը կարծեն թէ կարող են առանձին կերտել խաղաղութիւնը, սակայն կարեւոր է հասկնալ թէ Աստուած է որ կրնայ մեզի պարգեւել մնայուն ու հաստատ խաղաղութիւն մը։ Եթէ Անոր մտիկ ընենք ու մեր կեանքէն ներս Անոր տեղ ապահովենք, Աստուած կը հալեցնէ եսասիրութիւնը ու կը յարուցէ հաշտութեան, ներողութեան ու խաղաղութեան իղձեր նոյնիսկ ամէնէ քարասիրտ սրտերուն մէջ։

Սիրելի երիտասարդներ - ըսաւ ապա Քահանայապետը խօսքը եզրափակելով- Հեղինակը որ կը փնտռէք հեռու չէ ձեզմէ այլ շատ մօտիկ է. Յիսուսի մէջ Մանուկ դարձող Աստուածն է։
Շնորհաւոր Սուբր Ծնունդ բանուորական համայն շարժումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.